2014-04-09 09:19:58

Միջեկեղեցական հանդիպում` Անթիլիասի մէջ


Երեքշաբթի, 8 ապրիլին յետմիջօրէին, միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան կաթողիկէ ասորիներու պատրիարք Եունան, Պէյրութի մարոնիներու Մաթար արքեպիսկոպոս, Լեռնալիբանանի ուղղափառ ասորի մեթրոպոլիտ ԺորԺ Սալիպա, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Լիբանանի գործադիր վարչութեան անդամներ եւ միջեկեղեցական շարժումի նիւթապէս նպաստող հոլանտական ու շուէտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Յիշեալ հանդիպումէն առաջ Հոլանտայի եւ Շուէտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ միասին առանձին հանդիպում մը ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ: Խորհրդակցութեան առանցքը կազմեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն կատարուած աջակցութիւնը աւելի կազմակերպելու հրամայականը:
Ընդլայնուած ժողովին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին գործունէութեան տնտեսական ու վարչական մարզերուն առնչուած շարք մը հարցեր: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին ներկայ կառոյցը վերատեսութեան ենթարկելու ու խորհուրդի աշխատանքներուն նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:







All the contents on this site are copyrighted ©.